10 որպէսզի ճանչնամ զինք եւ իր յարութեան զօրութիւնը, ու հաղորդակից ըլլամ իր չարչարանքներուն՝ կերպարանակից դառնալով իր մահուան,
11 որպէսզի կարենամ հասնիլ՝՝ մեռելներուն յարութեան:
12 Ո՛չ թէ ես արդէն ստացած եմ մրցանակը, կամ արդէն կատարեալ եղած եմ. հապա հետամուտ եմ բռնելու զայն, որուն համար ալ բռնուեցայ Քրիստոս Յիսուսէ:
13 Եղբայրնե՛ր, ես չեմ սեպեր թէ բռնած եմ: Հապա կ՚ընեմ սա՛ մէկ բանը. մոռցած եմ ետեւի եղածները, եւ կը դիմեմ առջեւի եղածներուն:
14 Կը հետապնդեմ նպատակակէտը՝ Քրիստոս Յիսուսով եղած Աստուծոյ վերին կոչումին մրցանակին համար:
15 Ուրեմն մենք բոլորս՝ որ կատարեալ ենք՝ մտածե՛նք այսպէս. իսկ եթէ տարբեր կերպով մտածէք բանի մը մասին, Աստուած զա՛յն ալ պիտի յայտնէ ձեզի:
16 Սակայն ի՛նչ աստիճանի որ հասած ենք՝ ընթանա՛նք նոյն կանոնին համաձայն, մտածե՛նք նոյնպէս: