15 Ուրեմն մենք բոլորս՝ որ կատարեալ ենք՝ մտածե՛նք այսպէս. իսկ եթէ տարբեր կերպով մտածէք բանի մը մասին, Աստուած զա՛յն ալ պիտի յայտնէ ձեզի:
16 Սակայն ի՛նչ աստիճանի որ հասած ենք՝ ընթանա՛նք նոյն կանոնին համաձայն, մտածե՛նք նոյնպէս:
17 Եղբայրնե՛ր, բոլորդ միասին նմանեցէ՛ք ինծի, եւ ուշադի՛ր եղէք անո՛նց՝ որ կ՚ընթանան ա՛յնպէս՝ ինչպէս մենք, որ ունիք իբր տիպար:
18 Որովհետեւ շատեր կ՚ընթանան, որոնց մասին յաճախ կ՚ըսէի ձեզի եւ հիմա կ՚ըսեմ՝ նոյնիսկ լալով, այսինքն՝ Քրիստոսի խաչին թշնամիները.
19 անոնց վախճանը կորուստ է, անոնց աստուածը՝ իրենց որովայնն է, ու անոնց փառքը՝ իրենց ամօթն է: Անոնք կը մտածեն միայն երկրային բաներու մասին.
20 իսկ մեր քաղաքացիութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկիչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի,
21 որ պիտի կերպարանափոխէ մեր նուաստացած մարմինը՝ կերպարանակից ըլլալու իր փառաւոր մարմինին, այն ներգործութեան համեմատ՝ որ կարող է նաեւ ամէն ինչ հպատակեցնել իրեն: