15 Ուշադի՛ր եղէք՝ որ ո՛չ մէկը զրկուի Աստուծոյ շնորհքէն. դառնութեան արմատ մը բուսնելով՝ թող չվրդովէ ձեզ, եւ շատեր չպղծուին անով:
16 Ո՛չ մէկը թող ըլլայ պոռնկող, կամ սրբապիղծ՝ Եսաւի պէս, որ մէկ կերակուրի համար ծախեց իր անդրանկութեան իրաւունքը:
17 Քանի որ գիտէք թէ յետոյ՝ երբ ուզեց ժառանգել օրհնութիւնը՝ մերժուեցաւ, թէպէտ փնտռեց զայն արցունքով, որովհետեւ իր ապաշխարութիւնը անօգուտ եղաւ՝՝:
18 Արդարեւ դուք մօտեցած չէք շօշափելի լերան՝ որ կը վառէր կրակով, ո՛չ ալ մթութեան, խաւարին ու մրրիկին,
19 եւ փողին շառաչին ու խօսքերուն ձայնին. զայն լսողները խնդրեցին որ այդ խօսքը այլեւս չըսուի իրենց:
20 (Արդարեւ չէին կրնար տոկալ այդ պատուէրին. «Եթէ նոյնիսկ անասուն մը դպչի լերան՝ պիտի քարկոծուի»:
21 Ա՛յնպէս ահարկու էր երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը զարհուրիմ ու կը դողամ»:)