16 Քանի որ ոմանք՝ լսելէ ետք՝ դառնացուցին. սակայն ոչ՝՝ բոլորը՝ որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսի միջոցով:
17 Իսկ որոնցմէ՞ զզուեցաւ քառասուն տարի. մեղանչողներէն չէ՞ր, որոնց դիակները ինկան անապատին մէջ:
18 Եւ որո՞նց երդում ըրաւ՝ թէ պիտի չմտնեն իր հանգստավայրը, եթէ ոչ՝ անհնազանդներուն:
19 Ու կը տեսնենք թէ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեան պատճառով: