Եբրայեցիներին 4:1-7 WA53

1 Ուրեմն վախնա՛նք, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը զրկուած թուի անոր հանգստավայրը մտնելու խոստումէն, որ մնացած է մեզի:

2 Որովհետեւ մեզի՛ ալ աւետուած էր՝ ինչպէս անոնց. բայց անոնց օգտակար չեղաւ այդ խօսքը լսելը, քանի որ հաւատքի միացած չէր լսողներուն մէջ:

3 Իսկ մենք՝ որ հաւատացինք, պիտի մտնենք հանգիստը, ինչպէս ըսաւ. «Հետեւաբար երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ. “Անոնք պիտի չմտնեն իմ հանգստավայրս”», թէպէտ իր գործերը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր եղած էին:

4 Որովհետեւ Գիրքը սա՛ կ՚ըսէ տեղ մը՝ եօթներորդ օրուան համար. «Եւ Աստուած եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն»:

5 Ու հոս դարձեալ կ՚ըսէ. «Անոնք պիտի չմտնեն իմ հանգստավայրս»:

6 Ուրեմն, քանի որ ոմանց կը մնայ հոն մտնել, իսկ անոնք որ նախապէս ստացած էին աւետիսը՝ անհնազանդութեան պատճառով չմտան,

7 դարձեալ օր մը կը սահմանէ՝ ա՛յնքան ժամանակէ ետք, եւ Դաւիթի բերանով կ՚ըսէ՝ «այսօր», ինչպէս ըսուեցաւ. «Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը, մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը»: