Եբրայեցիներին 4:9-15 WA53

9 Ուրեմն դեռ հանգիստի Շաբաթ մը կը մնայ Աստուծոյ ժողովուրդին.

10 որովհետեւ ա՛ն որ մտաւ անոր հանգստավայրը, ի՛նք ալ հանգստացաւ իր գործերէն, ինչպէս Աստուած՝ իրեններէն:

11 Ուրեմն ջանա՛նք մտնել այդ հանգստավայրը, որպէսզի ո՛չ մէկը իյնայ՝ նոյն անհնազանդութեան օրինակին պէս:

12 Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կենարար է, ազդու, եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ: Ան թափանցելով կը բաժնէ անձն ու հոգին, յօդերը եւ ծուծը. կը քննարկէ սիրտին մտածումներն ու մտադրութիւնները:

13 Չկայ արարած մը՝ որ աներեւոյթ ըլլայ անոր առջեւ, հապա ամէն բան մերկ ու բաց է անոր աչքերուն առջեւ՝ որուն պիտի տանք մեր հաշիւը:

14 Ուրեմն, քանի որ ունինք երկինքը անցած մեծ Քահանայապետ մը, Յիսուսը՝ Աստուծոյ Որդին, ամո՛ւր բռնենք մեր դաւանութիւնը:

15 Արդարեւ մենք չունինք քահանայապետ մը՝ որ անկարող ըլլայ կարեկցիլ մեր տկարութիւններուն, հապա ինք ամէն բանի մէջ փորձուած է մեզի նման, սակայն առանց մեղքի: