Եբրայեցիներին 7:11-17 WA53

11 Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ:

12 Արդարեւ՝ քահանայութեան փոփոխումով՝ հարկ էր որ փոփոխութիւն ըլլար նաեւ Օրէնքին:

13 Եւ իրաւ եղաւ, որովհետեւ ա՛ն՝ որուն մասին կ՚ըսուին այս բաները, կը պատկանէր ուրի՛շ տոհմի, որմէ ո՛չ մէկը մօտեցած էր զոհասեղանին.

14 քանի որ յայտնի է թէ մեր Տէրը սերած է Յուդայի տոհմէն: Իսկ այդ տոհմին մասին Մովսէս ոչինչ ըսաւ՝ քահանայութեան վերաբերեալ:

15 Ասիկա ա՛լ աւելի յայտնի է, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութեամբ ուրի՛շ քահանայ մը կ՚ելլէ,

16 որ եղած է ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրի մը Օրէնքին համաձայն, հապա՝ անքակտելի կեանքի մը զօրութեան համեմատ:

17 Որովհետեւ կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ»: