20 Եւ քանի որ ասիկա չեղաւ առանց երդումի, (որովհետեւ անոնք քահանայ եղած են առանց երդումի,
21 իսկ ասիկա՝ երդումով, անո՛ր միջոցով՝ որ ըսաւ իրեն. «Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ”»,)
22 Յիսուս երաշխաւոր եղաւ լաւագոյն ուխտի մը:
23 Ի՛րապէս շատ եղած են քահանաները, քանի որ մահը կ՚արգիլէր որ անոնք միշտ մնան:
24 Բայց ասիկա ունի անփոփոխ քահանայութիւն, որովհետեւ յաւիտեան կը մնայ:
25 Ուստի կարող ալ է կատարելապէս փրկել անոնք՝ որ իրմով կու գան Աստուծոյ. որովհետեւ ինք միշտ կ՚ապրի՝ անոնց բարեխօս ըլլալու համար:
26 Արդարեւ ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը պատշաճէր մեզի, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկինքէն աւելի վեր բարձրացած: