25 Ուստի կարող ալ է կատարելապէս փրկել անոնք՝ որ իրմով կու գան Աստուծոյ. որովհետեւ ինք միշտ կ՚ապրի՝ անոնց բարեխօս ըլլալու համար:
26 Արդարեւ ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը պատշաճէր մեզի, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկինքէն աւելի վեր բարձրացած:
27 Անոր հարկաւոր չէ ամէն օր զոհ մատուցանել՝ միւս քահանայապետներուն պէս, նախ իր մեղքերուն համար, յետոյ ժողովուրդին մեղքերուն համար. որովհետեւ ինք ըրաւ ասիկա մէ՛կ անգամ ընդմիշտ՝ մատուցանելով ինքզինք:
28 Արդարեւ՝ Օրէնքը քահանայապետ կը նշանակէ տկարութիւն ունեցող մարդիկ, բայց երդումին խօսքը՝ որ Օրէնքէն ետք էր՝ Որդի՛ն, որ կատարեալ եղած է յաւիտեան: