6 Բայց ա՛ն՝ որուն ազգաբանութիւնը անոնցմէ չէր, տասանորդ ստացաւ Աբրահամէն եւ օրհնեց խոստումները ունեցողը:
7 Իսկ առանց որեւէ հակաճառութեան՝ կրտսե՛րը կ՚օրհնուի գերադասէն:
8 Հոս՝ մահկանացո՛ւ մարդիկ տասանորդ կը ստանան, բայց հոն կը ստանայ ա՛ն՝ որուն համար վկայուած է թէ կ՚ապրի:
9 Նաեւ կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւի՛ ալ, որ տասանորդ կը ստանայ, տասանորդ տուաւ Աբրահամի միջոցով.
10 որովհետեւ տակաւին իր հօր մէջքն էր՝ երբ Մելքիսեդեկ դիմաւորեց զայն:
11 Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ:
12 Արդարեւ՝ քահանայութեան փոփոխումով՝ հարկ էր որ փոփոխութիւն ըլլար նաեւ Օրէնքին: