1 Որդեակնե՛րս, կը գրեմ ձեզի այս բաները՝ որպէսզի չմեղանչէք. իսկ եթէ մէկը մեղանչէ, Հօրը քով ունինք Բարեխօս մը՝ Յիսուս Քրիստոս արդարը:
2 Ա՛ն է մեր մեղքերուն քաւութիւնը. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն:
3 Եթէ պահենք անոր պատուիրանները, ասո՛վ կը գիտնանք թէ կը ճանչնանք զայն:
4 Ո՛վ որ կ՚ըսէ. «Ես կը ճանչնամ զայն», բայց չի պահեր անոր պատուիրանները, ստախօս է, եւ իր մէջ ճշմարտութիւն չկայ:
5 Բայց ո՛վ որ կը պահէ անոր խօսքը, Աստուծոյ սէրը ի՛րապէս կատարեալ է իր մէջ. ասո՛վ կը գիտնանք թէ անոր մէջ ենք:
6 Ո՛վ որ կ՚ըսէ թէ կը բնակի անոր մէջ, պարտաւոր է ընթանալ ա՛յնպէս՝ ինչպէս ա՛ն ընթացաւ:
7 Եղբայրնե՛ր, կը գրեմ ձեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա հին պատուիրան մը՝ որ սկիզբէն ունէիք: Հին պատուիրանը այն խօսքն է՝ որ դուք սկիզբէն լսեցիք:
8 Դարձեալ՝ կը գրեմ ձեզի նոր պատուիրան մը, որ ճշմարիտ է անոր մէջ եւ ձեր մէջ. որովհետեւ խաւարը կ՚անցնի ու ճշմարիտ լոյսը արդէն կը փայլի:
9 Ա՛ն որ կ՚ըսէ թէ լոյսի մէջ է եւ կ՚ատէ իր եղբայրը, տակաւին խաւարի մէջ է:
10 Ա՛ն որ կը սիրէ իր եղբայրը, կը բնակի լոյսի մէջ, ու գայթակղութիւն չկայ իր մէջ:
11 Բայց ա՛ն որ կ՚ատէ իր եղբայրը՝ խաւարի մէջ է, խաւարի մէջ կը քալէ եւ չի գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթայ, որովհետեւ խաւարը կուրցուցած է իր աչքերը:
12 Կը գրեմ ձեզի, որդեակնե՛ր, որովհետեւ ձեր մեղքերը ներուած են ձեզի՝ անոր անունին համար:
13 Կը գրեմ ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք ա՛ն՝ որ սկիզբէն է: Կը գրեմ ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ դուք յաղթեցիք Չարին:
14 Գրեցի ձեզի, զաւակնե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք Հայրը: Գրեցի ձեզի, հայրե՛ր, որովհետեւ դուք ճանչցաք ա՛ն՝ որ սկիզբէն է: Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ դուք ուժեղ էք, եւ Աստուծոյ խօսքը կը բնակի ձեր մէջ, ու յաղթեցիք Չարին:
15 Մի՛ սիրէք աշխարհը, ո՛չ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է:
16 Եթէ մէկը կը սիրէ աշխարհը, Հօրը սէրը չկայ իր մէջ. որովհետեւ ամէն ինչ որ աշխարհի մէջ է՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է:
17 Աշխա՛րհն ալ կ՚անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ա՛ն որ կը գործադրէ Աստուծոյ կամքը՝ կը մնայ յաւիտեան:
18 Զաւակնե՛ր, վերջին ժամն է. եւ ինչպէս լսեցիք թէ Նեռը պիտի գայ, արդէ՛ն շատ նեռեր կան. ատկէ կը գիտնանք թէ վերջին ժամն է:
19 Անոնք մեր մէջէն ելան, բայց մեզմէ չէին. որովհետեւ եթէ ըլլային մեզմէ, կը մնային մեզի հետ: Բայց մեզմէ ելան, որպէսզի բացայայտուի թէ անոնք բոլորն ալ մեզմէ չէին:
20 Սակայն դուք օծութիւն ունիք Սուրբէն, ու գիտէք ամէն բան:
21 Չգրեցի ձեզի՝ որպէս թէ չէք գիտեր ճշմարտութիւնը, հապա՝ որովհետեւ գիտէ՛ք զայն, եւ քանի որ սուտը ճշմարտութենէն չէ:
22 Ո՞վ է ստախօսը, եթէ ոչ ա՛ն՝ որ կ՚ուրանայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է. նեռը ա՛ն է՝ որ կ՚ուրանայ Հայրն ու Որդին:
23 Ո՛վ որ կ՚ուրանայ Որդին, անիկա Հա՛յրն ալ չունի. (բայց ա՛ն որ կը դաւանի Որդին, անիկա Հա՛յրն ալ ունի:)
24 Ուրեմն ի՛նչ որ լսեցիք սկիզբէն՝ թող բնակի ձեր մէջ. եթէ ձեր մէջ բնակի ի՛նչ որ սկիզբէն լսեցիք, դո՛ւք ալ պիտի բնակիք Որդիին մէջ ու Հօրը մէջ:
25 Եւ սա՛ է այն խոստումը՝ որ ինք տուաւ ձեզի, այսինքն՝ յաւիտենական կեանքը:
26 Գրեցի ձեզի այս բաները՝ ձեզ մոլորեցնողներուն համար:
27 Այն օծութիւնը որ ստացաք իրմէ՝ կը բնակի ձեր մէջ. ուստի պէտք չկայ որ մէկը սորվեցնէ ձեզի: Իսկ քանի որ այդ նոյն օծութիւնը կը սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, ու ճշմարիտ է եւ ո՛չ թէ սուտ, ի՛ր մէջ բնակեցէք՝ ի՛նչպէս ան սորվեցուց ձեզի:
28 Ուրեմն հիմա, որդեակնե՛ր, բնակեցէ՛ք իր մէջ, որպէսզի երբ ինք երեւնայ՝ համարձակութիւն ունենանք, ու չամչնանք իրմէ իր գալուստին ատենը:
29 Եթէ գիտէք թէ ինք արդար է, կ՚ըմբռնէք թէ ո՛վ որ արդարութիւն կը գործէ՝ իրմէ ծնած է: