Հայտնություն 10:2-8 WA53

2 ձեռքին մէջ ունէր բացուած գրքոյկ մը: Իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ,

3 եւ բարձրաձայն աղաղակեց՝ առիւծի մը մռնչիւնին պէս: Երբ աղաղակեց, եօթը որոտումները խօսեցան իրենց ձայներով:

4 Երբ եօթը որոտումները խօսեցան՝ ես պիտի գրէի, բայց լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Կնքէ՛ այն բաները՝ որ եօթը որոտումները խօսեցան, ու մի՛ գրեր զանոնք»:

5 Այն հրեշտակը որ տեսած էի՝ կայնած ծովուն վրայ եւ ցամաքին վրայ, իր (աջ) ձեռքը բարձրացուց երկինք,

6 ու երդում ըրաւ անով՝ որ դարէ դար՝՝ կ՚ապրի, եւ ստեղծեց երկինքն ու ինչ որ անոր մէջ է, երկիրը եւ ինչ որ անոր մէջ է, ու ծովը եւ ինչ որ անոր մէջ է, թէ ա՛լ ժամանակ պիտի չըլլայ:

7 Հապա՝ եօթներորդ հրեշտակին ձայնին օրերը, երբ սկսի փող հնչեցնել, Աստուծոյ խորհուրդը պիտի կատարուի, ինչպէս ինք աւետած էր իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն:

8 Այն ձայնը՝ որ լսեր էի երկինքէն, դարձեալ խօսեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքին մէջ է»: