Հայտնություն 2 WA53

1 «Գրէ՛ Եփեսոսի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ ա՛ն՝ որ իր աջ ձեռքին մէջ կը բռնէ եօթը աստղերը, եւ կը շրջի եօթը ոսկիէ աշտանակներուն միջեւ.

2 "Գիտե՛մ քու գործերդ, աշխատանքդ ու համբերութիւնդ, եւ թէ չես կրնար հանդուրժել չարերուն: Փորձեցիր անոնք՝ որ կը հաւաստեն թէ իրենք առաքեալ են, բայց չեն, եւ գտար թէ ստախօս են:

3 Համբերութիւն ունեցար, տառապանք կրեցիր իմ անունիս համար՝՝ ու չթուլցար:

4 Սակայն սա՛ ունիմ քեզի դէմ, որ թողուցիր առաջին սէրդ:

5 Ուրեմն յիշէ՛ թէ ուրկէ՛ ինկար, ապաշխարէ՛, եւ ըրէ՛ առաջին գործերդ. այլապէս՝ շուտո՛վ պիտի գամ քեզի, ու աշտանակդ պիտի շարժեմ իր տեղէն՝ եթէ չապաշխարես:

6 Բայց սա՛ ունիս.- կ՚ատես Նիկողայոսեաններուն գործերը, որ ես ալ կ՚ատեմ"”:

7 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ կեանքի ծառէն, որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»:

8 «Գրէ՛ նաեւ Զմիւռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Առաջինը եւ Վերջինը, որ մեռաւ ու կ՚ապրի՛.

9 "Գիտե՛մ քու գործերդ, տառապանքդ եւ աղքատութիւնդ, (բայց հարուստ ես,) ու հայհոյութիւնը անոնց՝ որ կ՚ըսեն թէ իրենք Հրեայ են, բայց չեն, հապա՝ Սատանայի ժողով:

10 Բնաւ մի՛ վախնար այն չարչարանքներէն՝ որ պիտի կրես. ահա՛ Չարախօսը բանտը պիտի նետէ ձեզմէ ոմանք՝ որպէսզի փորձուիք, եւ տասը օր տառապանք պիտի ունենաք: Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղիր, ու պիտի տամ քեզի կեանքի պսակը"”:

11 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի չվնասուի երկրորդ մահէն»:

12 «Գրէ՛ նաեւ Պերգամոնի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ ա՛ն՝ որ ունի սրած երկսայրի թուրը.

13 "Գիտե՛մ քու գործերդ, եւ թէ ո՛ւր կը բնակիս, հո՛ն՝ ուր Սատանայի գահն է. բայց ամուր կը բռնես իմ անունս ու չուրացար իմ հաւատքս, նոյնիսկ այն օրերը՝ երբ Անթիպաս, իմ հաւատարիմ վկաս, սպաննուեցաւ ձեր մէջ՝ ուր Սատանան կը բնակի:

14 Սակայն քեզի դէմ ունիմ քիչ բան մը, քանի որ հոդ ունիս Բաղաամի ուսուցումը պահողներ. ան Բաղակի սորվեցուց գայթակղութիւն դնել Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, որպէսզի անոնք ուտեն կուռքերու զոհուածներ ու պոռնկին:

15 Այսպէս՝ դուն ալ ունիս Նիկողայոսեաններուն ուսուցումը պահողներ, որ ես կ՚ատեմ:

16 (Ուստի) ապաշխարէ՛. այլապէս՝ շուտո՛վ պիտի գամ քեզի, եւ պիտի պատերազմիմ անոնց դէմ բերանիս թուրով"”:

17 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ պահուած մանանայէն. նաեւ պիտի տամ անոր ճերմակ խիճ մը, եւ այդ խիճին վրայ գրուած նոր անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէ, բայց միայն զայն ստացողը»:

18 «Գրէ՛ նաեւ Թիւատիրի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ ունի կրակի բոցի պէս աչքեր, եւ իր ոտքերը նման են ոսկեպղինձի.

19 "Գիտե՛մ քու գործերդ, սէրդ, սպասարկութիւնդ, հաւատքդ ու համբերութիւնդ. եւ թէ քու վերջին գործերդ աւելի շատ են՝ քան առաջինները:

20 Սակայն քեզի դէմ ունիմ բան մը՝՝, որովհետեւ կը թոյլատրես Յեզաբէլի,- ինքզինք մարգարէուհի կոչող այդ կնոջ,- որ մոլորեցնէ իմ ծառաներս եւ սորվեցնէ անոնց պոռնկիլ ու կուռքերու զոհուածներ ուտել:

21 Ես ժամանակ տուի անոր՝ ապաշխարելու իր պոռնկութենէն, բայց չապաշխարեց:

22 Ահա՛ ես մահիճ պիտի նետեմ զայն, իսկ անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ տառապանքի մէջ, եթէ չապաշխարեն իրենց գործերէն:

23 Պիտի մեռցնեմ անոր զաւակները, եւ բոլոր եկեղեցիները պիտի գիտնան թէ ես ա՛ն եմ՝ որ կը զննեմ խիղճերն ու սիրտերը. պիտի հատուցանեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ ձեր գործերուն համեմատ:

24 Բայց կ՚ըսեմ ձեզի, Թիւատիրի մէջ եղող միւս բոլորին՝ որ չունին այս ուսուցումը եւ չգիտցան Սատանային խորհուրդները (ինչպէս կ՚ըսեն).- ուրիշ ծանրութիւն պիտի չդնեմ ձեր վրայ,

25 հապա ամո՛ւր բռնեցէք ինչ որ ունիք՝ մինչեւ որ գամ:

26 Եւ ո՛վ որ յաղթէ ու պահէ իմ գործերս մինչեւ վախճանը, անոր իշխանութիւն պիտի տամ անոր ազգերուն վրայ,

27 (եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով. անոնք պիտի փշրուին բրուտի անօթներու պէս.)

28 ինչպէս ես ալ ստացայ իմ Հօրմէս, ու պիտի տամ անոր առտուան աստղը"”:

29 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»:

գլուխներ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22