Հայտնություն 11:5-11 WA53

5 Եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, կրակ պիտի ելլէ անոնց բերանէն եւ պիտի լափէ իրենց թշնամիները. եթէ մէկը ուզէ վնասել անոնց, պէտք է որ ա՛յսպէս մեռցուի:

6 Ասոնք իշխանութիւն ունին երկինքը գոցելու, որպէսզի անձրեւ չտեղայ իրենց մարգարէութեան օրերը. իշխանութիւն ունին նաեւ ջուրերուն վրայ՝ արիւն դարձնելու զանոնք, եւ զարնելու երկիրը ամէն տեսակ պատուհասներով՝ քանի՛ անգամ որ ուզեն:

7 Երբ աւարտեն իրենց վկայութիւնը, այն ատեն անդունդէն բարձրացող գազանը պիտի պատերազմի անոնց հետ, պիտի յաղթէ անոնց եւ պիտի մեռցնէ զանոնք:

8 Անոնց դիակները ինկած պիտի մնան հրապարակին վրայ այն մեծ քաղաքին՝ որ հոգեւորապէս Սոդոմ ու Եգիպտոս կը կոչուի, ուր մեր Տէրն ալ խաչուեցաւ:

9 Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ:

10 Երկրի բնակիչները պիտի ուրախանան անոնց համար, պիտի զուարճանան, եւ մինչեւ անգամ ընծաներ պիտի ղրկեն իրարու. որովհետեւ այս երկու մարգարէները տանջած էին երկրի բնակիչները:

11 Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝: