15 (Ահա՛ գողի պէս կու գամ. երանի՜ անոր՝ որ արթուն կը կենայ եւ կը պահէ իր հանդերձները, որպէսզի մերկ չշրջի ու իր անվայելչութիւնը չտեսնուի:)
16 Եւ հաւաքեցին զանոնք տեղ մը, որ եբրայերէն Արմագեդոն կը կոչուի:
17 Եօթներորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը օդին մէջ, ու երկինքի տաճարէն՝ գահէն հզօր ձայն մը ելաւ, որ կ՚ըսէր. «Եղա՛ւ»:
18 Եւ փայլակներ, ձայներ ու որոտումներ՝՝ եղան: Հզօր երկրաշարժ մըն ալ եղաւ. այդպիսի մեծ ու հզօր երկրաշարժ եղած չէր երկրի վրայ՝ մարդոց ըլլալէն ի վեր:
19 Մեծ քաղաքը երեք մաս եղաւ, եւ ազգերուն քաղաքները կործանեցան: Մեծ Բաբելոնը յիշուեցաւ Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի տայ անոր իր զայրագին բարկութեան գինիին բաժակը:
20 Ամէն կղզի փախաւ, ու լեռները չգտնուեցան:
21 Գրեթէ տաղանդ մը կշռող խոշոր կարկուտ իջաւ երկինքէն՝ մարդոց վրայ. եւ մարդիկ հայհոյեցին Աստուծոյ՝ կարկուտի պատուհասին համար, որովհետեւ այդ պատուհասը չափազանց սաստիկ էր: