3 Երկրորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը ծովուն վրայ. ջուրերը մեռած մարդու մը արիւնին պէս եղան, ու ծովուն մէջի բոլոր կենդանիները մեռան:
4 Երրորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը գետերուն եւ ջուրերու աղբիւրներուն վրայ, ու անոնք արիւն եղան:
5 Լսեցի ջուրերուն հրեշտակը՝ որ կ՚ըսէր. «Արդա՛ր ես, դուն՝ որ ես եւ որ էիր, ու սո՛ւրբ ես՝ որ ա՛յսպէս դատեցիր,
6 որովհետեւ անոնք թափեցին սուրբերուն եւ մարգարէներուն արիւնը. դուն արիւն խմել տուիր անոնց՝ քանի որ արժանի են»:
7 Ու զոհասեղանէն լսեցի՝ որ կ՚ըսէր. «Այո՛, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած, քու դատաստաններդ ճշմարիտ եւ արդար են»:
8 Չորրորդ հրեշտակը թափեց իր սկաւառակը արեւին վրայ,
9 ու զօրութիւն տրուեցաւ անոր՝ որ կրակով տօթակէզ ընէ մարդիկը: Մարդիկ տօթակէզ եղան սաստիկ տօթէն, եւ հայհոյեցին անունը Աստուծոյ՝ որ իշխանութիւն ունի այս պատուհասներուն վրայ. բայց չապաշխարեցին՝ որ փառք տան անոր: