Հայտնություն 17:2-8 WA53

2 անոր հետ պոռնկեցան երկրի թագաւորները, եւ անոր պոռնկութեան գինիով արբեցան երկրի բնակիչները»:

3 Զիս առաւ՝ հոգիով տարաւ անապատը, ու տեսայ կին մը՝ որ բազմած էր որդան կարմիր գազանի մը վրայ: Այդ գազանը լեցուն էր հայհոյութեան անուններով, եւ ունէր եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր:

4 Կինը հագած էր ծիրանի եւ որդան կարմիր, պճնուած էր ոսկիով, պատուական քարերով ու մարգարիտներով, եւ ձեռքին մէջ ունէր ոսկիէ բաժակ մը՝ գարշութիւններով ու իր պոռնկութեան անմաքրութիւններով լեցուն:

5 Անոր ճակատին վրայ գրուած էր անուն մը. «Խորհուրդ, Մեծ Բաբելոն, պոռնիկներուն ու երկրի գարշութիւններուն մայրը»:

6 Տեսայ այդ կինը, որ արբեցած էր սուրբերուն արիւնով եւ Յիսուսի վկաներուն արիւնով: Երբ տեսայ զայն՝ մեծապէս զարմացայ:

7 Հրեշտակը ըսաւ ինծի. «Ինչո՞ւ զարմացար. քեզի պիտի ըսեմ խորհուրդը այդ կնոջ ու այդ գազանին՝ որ կը կրէ զայն իր վրայ, եւ ունի եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր:

8 Այդ գազանը որ տեսար՝ կար, բայց չկայ. սակայն պիտի բարձրանայ անդունդէն ու երթայ դէպի կորուստ: Երկրի բնակիչները, որոնց անունը գրուած չէ կեանքի գիրքին մէջ՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր, պիտի զարմանան՝ երբ տեսնեն այդ գազանը որ կար, բայց չկայ, թէպէտ կայ՝՝: