1 Ասկէ ետք՝ տեսայ (ուրիշ) հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր, ու երկիրը լուսաւորուեցաւ անոր փառքով:
2 Ան հզօր ձայնով աղաղակեց. «Կործանեցա՜ւ, կործանեցա՜ւ մեծ Բաբելոնը, եւ եղաւ դեւերու բնակավայր, ամէն անմաքուր ոգիի բանտ, ու ամէն անմաքուր եւ ատելի թռչունի բանտ.
3 որովհետեւ բոլոր ազգերը խմեցին անոր պոռնկութեան զայրոյթի գինիէն, երկրի թագաւորները պոռնկեցան անոր հետ, ու երկրի առեւտրականները հարստացան անոր պերճանքին զօրութենէն»:
4 Լսեցի երկինքէն ուրիշ ձայն մըն ալ՝ որ կ՚ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի հաղորդակից չըլլաք անոր մեղքերուն ու բաժին չստանաք ատոր պատուհասներէն.
5 որովհետեւ ատոր մեղքերը կուտակուեցան մինչեւ երկինք, եւ Աստուած յիշեց անոր անիրաւութիւնները:
6 Հատուցանեցէ՛ք անոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց, ու կրկնապատի՛կ փոխարինեցէք անոր՝ իր արարքներուն համեմատ: Այն բաժակը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատի՛կ լեցուցէք իրեն: