Հայտնություն 18:15-21 WA53

15 Այս բաներուն առեւտրականները՝ որ հարստացած էին անոր միջոցով, հեռու պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սգալով,

16 եւ պիտի ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, դո՛ւն որ հագած էիր բեհեզ, ծիրանի ու որդան կարմիր, եւ պճնուած էիր ոսկիով, պատուական քարերով ու մարգարիտներով.

17 որովհետեւ ա՛յսչափ շատ հարստութիւնը աւերեցաւ մէ՛կ ժամուան մէջ»: Ամէն նաւավար, բոլոր նաւագնացները, նաւաստիները, եւ անոնք՝ որ կ՚օգտագործեն ծովը, հեռու կայնեցան

18 ու աղաղակեցին՝ երբ տեսան անոր հրդեհին ծուխը. «Ո՞ր քաղաքը նման էր այս մեծ քաղաքին»:

19 Հող ցանեցին իրենց գլուխին վրայ, ու լալով եւ սգալով աղաղակեցին. «Վա՜յ, վա՜յ այդ մեծ քաղաքին, որուն մէջ՝ իր փարթամութենէն հարստացան բոլոր անոնք՝ որ նաւեր ունէին ծովուն վրայ. որովհետեւ մէ՛կ ժամուան մէջ ամայացաւ:

20 Ուրախացէ՛ք անոր համար, երկի՛նք, եւ դո՛ւք՝ սո՛ւրբ առաքեալներ ու մարգարէներ, քանի որ Աստուած ձեր վրէժը առաւ՝՝ անկէ»:

21 Հզօր հրեշտակ մը վերցուց քար մը՝ մեծ ջաղացքի քարի պէս, ու նետեց ծովը՝ ըսելով. «Ա՛յսպէս սաստկութեամբ պիտի խորտակուի Բաբելոն մեծ քաղաքը եւ ա՛լ բնա՛ւ պիտի չգտնուի: