Հայտնություն 19:9-15 WA53

9 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Գրէ՛. երանի՜ անոնց՝ որ հրաւիրուած են Գառնուկին հարսանիքի ընթրիքին»: Ու ըսաւ ինծի. «Ասո՛նք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»:

10 Ես ալ ինկայ անոր ոտքերուն առջեւ՝ որպէսզի երկրպագեմ անոր: Բայց ըսաւ ինծի. «Զգուշացի՛ր, մի՛ ըներ. որովհետեւ ես ծառայակից եմ քեզի եւ եղբայրներուդ՝ որոնք ունին Յիսուսի վկայութիւնը: Աստուծո՛յ երկրպագէ (որովհետեւ Յիսուսի վկայութիւնը մարգարէութեան հոգին է) »:

11 Ապա տեսայ երկինքը բացուած, եւ ահա՛ ճերմակ ձի մը կար: Անոր վրայ հեծնողը կը կոչուի Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ, եւ արդարութեա՛մբ կը դատէ ու կը պատերազմի:

12 Անոր աչքերը կրակի բոցի պէս էին, գլուխին վրայ շատ թագեր կային, եւ ունէր գրուած անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէր, հապա միայն ինք:

13 Հագած էր արիւնի մէջ թաթխուած հանդերձ մը: Անոր անունը կը կոչուի՝ “Աստուծոյ Խօսքը”:

14 Երկինքի մէջ եղող զօրքերը կը հետեւէին անոր՝ ճերմակ ձիերով, ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած:

15 Անոր բերանէն կ՚ելլէր սրած թուր մը, որպէսզի անով զարնէ ազգերը: Ի՛նք պիտի հովուէ զանոնք՝ երկաթէ գաւազանով, եւ ի՛նք պիտի կոխէ Ամենակալ Աստուծոյ զայրագին բարկութեան գինիին հնձանը: