Հայտնություն 20:8-14 WA53

8 Անոնք բարձրացան երկրի լայնութեան վրայ, ու շրջապատեցին սուրբերուն բանակավայրը եւ սիրելի քաղաքը:

9 Սակայն երկինքէն՝ Աստուծմէ կրակ իջաւ ու լափեց զանոնք:

10 Իսկ Չարախօսը՝ որ մոլորեցուց զանոնք, նետուեցաւ կրակի եւ ծծումբի լիճին մէջ: Հո՛ն էին գազանն ու սուտ մարգարէն, եւ պիտի տանջուին ցերեկ ու գիշեր՝ դարէ դար՝՝:

11 Յետոյ տեսայ մեծ, ճերմակ գահ մը, եւ անոր վրայ բազմողը, որուն երեսէն երկիրն ու երկինքը փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց:

12 Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, որոնք կայնած էին Աստուծոյ առջեւ: Գիրքերը բացուեցան. բացուեցաւ նաեւ ուրիշ գիրք մը՝ որ կեանքի գիրքն է. ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ:

13 Ծովը տուաւ իր մէջ եղող մեռելները, եւ մահն ու դժոխքը տուին իրենց մէջ եղող մեռելները. եւ անոնք դատուեցան, իւրաքանչիւրը՝ իր արարքներուն համեմատ:

14 Մահն ու դժոխքը նետուեցան կրակի լիճին մէջ. ա՛յս է երկրորդ մահը: