3 «Մի՛ վնասէք՝ ո՛չ երկրին, ո՛չ ծովուն, ո՛չ ալ ծառերուն, մինչեւ որ կնքենք մեր Աստուծոյն ծառաներուն ճակատը»:
4 Լսեցի կնքուածներուն թիւը.- հարիւր քառասունչորս հազար կնքուած՝ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր տոհմերէն.
5 Յուդայի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Ռուբէնի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Գադի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած,
6 Ասերի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Նեփթաղիմի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Մանասէի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած,
7 Շմաւոնի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Ղեւիի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Իսաքարի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած,
8 Զաբուղոնի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Յովսէփի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած, Բենիամինի տոհմէն՝ տասներկու հազար կնքուած:
9 Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել, բոլոր ազգերէն, տոհմերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն: Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ՝ հագած ճերմակ պարեգօտներ ու արմաւենիներ բռնած իրենց ձեռքերուն մէջ,