7 Մարախները կը նմանէին պատերազմի պատրաստուած ձիերու. անոնց գլուխներուն վրայ կային որպէս թէ ոսկիէ պսակներ, եւ անոնց երեսները մարդոց երեսներուն պէս էին:
8 Ունէին մազեր՝ կիներու մազերուն պէս. անոնց ակռաները՝ առիւծներու ակռաներուն պէս էին:
9 Ունէին զրահներ՝ երկաթէ զրահներու պէս, իսկ անոնց թեւերուն ձայնը՝ պատերազմի վազող բազմաթիւ ձիերէ քաշուած կառքերու ձայնին պէս էր:
10 Ունէին պոչեր՝ կարիճներու նման, ու խայթոցներ կային պոչերուն վրայ: Իշխանութիւն ունէին հինգ ամիս վնասելու մարդոց,
11 եւ իրենց վրայ թագաւոր ունէին անդունդին հրեշտակը, որուն անունը եբրայերէն Աբադոն է, իսկ յունարէն՝ Ապողիոն:
12 Մէկ վայը անցաւ. ասկէ ետք ահա՛ երկու վայ ալ կու գայ:
13 Վեցերորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու լսեցի ձայն մը՝ Աստուծոյ առջեւ եղող ոսկիէ զոհասեղանին չորս եղջիւրներէն,