1 Եղբայրնե՛ր, սիրտիս բաղձանքն է, նաեւ Աստուծոյ ուղղած աղերսանքս՝ Իսրայէլի համար, որ անոնք փրկուին:
2 Որովհետեւ ես անոնց համար կը վկայեմ թէ նախանձախնդրութիւն ունին Աստուծոյ հանդէպ, բայց ո՛չ թէ գիտակցութեամբ:
3 Քանի որ՝ անգիտանալով Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ջանալով հաստատել իրե՛նց արդարութիւնը՝ անոնք չհպատակեցան Աստուծոյ արդարութեան:
4 Որովհետեւ Քրիստո՛ս է Օրէնքին վախճանը՝ ամէն հաւատացեալի արդարութեան համար:
5 Արդարեւ Մովսէս Օրէնքէն եղող արդարութեան մասին կը գրէ. «Այն մարդը որ կը գործադրէ այդ բաները՝ պիտի ապրի անոնցմով»:
6 Բայց հաւատքէն եղող արդարութիւնը սա՛ կ՚ըսէ. «Մի՛ ըսեր սիրտիդ մէջ. “Ո՞վ պիտի բարձրանայ երկինքը”, (այսինքն՝ Քրիստոսը վար իջեցնելու,)
7 կամ. “Ո՞վ պիտի իջնէ անդունդը” (այսինքն՝ Քրիստոսը մեռելներէն վեր հանելու)»: