Հռոմեացիներին 14 WA53

1 Ընդունեցէ՛ք հաւատքի մէջ տկար եղողը՝ առանց քննադատելու կարծիքները.

2 քանի որ մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել, իսկ ուրիշ մը՝ որ տկար է՝ բանջարեղէն կ՚ուտէ:

3 Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ թող չանարգէ չուտողը, եւ ա՛ն որ չ՚ուտեր՝ թող չդատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած ընդունած է զայն:

4 Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշին ծառան. հաստատուն կենայ կամ իյնայ՝ իր իսկական Տէրոջ համար է: Բայց կանգուն պիտի պահուի, որովհետեւ Աստուած կարող է կանգուն պահել զայն:

5 Մէկը կը նկատէ օր մը ուրիշէ մը գերադաս, միւսն ալ կը նկատէ բոլոր օրերը հաւասար. իւրաքանչիւրը լման համոզուած թող ըլլայ իր միտքին մէջ:

6 Ա՛ն որ համարում կ՛ընծայէ մէկ օրուան՝ Տէրո՛ջ համար համարում կ՛ընծայէ, իսկ ա՛ն որ համարում չ՚ընծայեր մէկ օրուան, Տէրո՛ջ համար համարում չ՚ընծայեր: Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ Տէրո՛ջ համար կ՚ուտէ, քանի որ Աստուծմէ շնորհակալ կ՚ըլլայ. իսկ ա՛ն որ չ՚ուտեր, Տէրո՛ջ համար չ՚ուտեր, բայց Աստուծմէ շնորհակալ կ՚ըլլայ:

7 Արդարեւ մեզմէ ո՛չ մէկը ինքնիրեն համար կ՚ապրի, կամ ինքնիրեն համար կը մեռնի.

8 քանի որ եթէ ապրինք՝ Տէրո՛ջ համար կ՚ապրինք, ու եթէ մեռնինք՝ Տէրո՛ջ համար կը մեռնինք: Ուրեմն թէ՛ ապրինք եւ թէ մեռնինք՝ մենք Տէրո՛ջն ենք:

9 Որովհետեւ Քրիստոս սա՛ նպատակով մեռաւ ու վերապրեցաւ, որպէսզի Տէր ըլլայ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ ողջերուն:

10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:

11 Արդարեւ գրուած է. «Ես կ՚ապրի՛մ,- կ՚ըսէ Տէրը.- ամէն ծունկ պիտի կքի իմ առջեւս, եւ ամէն լեզու պիտի դաւանի զիս իբր Աստուած»:

12 Ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ՝ ինքնիրեն համար:

13 Ուստի ա՛լ չդատենք զիրար. այլ մանաւանդ սա՛ վճռեցէք, որ ո՛չ մէկը սայթաքում կամ գայթակղութիւն դնէ իր եղբօր առջեւ:

14 Գիտե՛մ, ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ ոչի՛նչ ինքնիրմէ պիղծ է. բայց ո՛վ որ պիղծ կը սեպէ որեւէ բան, անո՛ր համար պիղծ է ատիկա:

15 Սակայն եթէ եղբայրդ տրտմի կերակուրի համար, ա՛լ սիրով չես ընթանար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ ա՛ն՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ:

16 Ուրեմն հայհոյութիւն թող չըլլայ ձեր բարիին համար,

17 քանի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն՝ Սուրբ Հոգիով:

18 Արդարեւ ո՛վ որ այս կերպով Քրիստոսի կը ծառայէ՝ Աստուծոյ հաճելի ու մարդոցմէ գնահատուած է:

19 Ուրեմն հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ՚ըլլայ իրարու:

20 Մի՛ քանդէք Աստուծոյ գործը կերակուրի համար: Արդարեւ բոլոր բաները մաքուր են. սակայն գէշ են այն մարդուն համար՝ որ կ՚ուտէ գայթակղեցնելով:

21 Լաւ է ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ որեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը սայթաքի, կը գայթակղի կամ կը տկարանայ:

22 Դուն հաւա՞տք ունիս. քեզի՛ վերապահէ զայն՝ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր, որ չի դատապարտեր ինքզինք անով՝ որ ինք կը գնահատէ՝՝:

23 Բայց ա՛ն որ կը տատամսի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, քանի որ հաւատքով չէ որ կ՚ուտէ. արդարեւ ամէն ինչ որ հաւատքով չէ՝ մեղք է:

գլուխներ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16