Հռոմեացիներին 15:18-24 WA53

18 Բայց չեմ յանդգնիր խօսիլ այն բաներէն որեւէ մէկուն մասին, որ Քրիստոս ինձմով գործադրած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար, խօսքով ու գործով,

19 զօրաւոր նշաններով ու սքանչելիքներով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ. այնպէս որ, սկսելով Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն՝ մինչեւ Իլլիւրիկում, լիովին քարոզեցի Քրիստոսի աւետարանը:

20 Այսպէս, պատիւ համարեցի աւետարանել հո՛ն՝ ուր Քրիստոս քարոզուած չէր, որպէսզի ուրիշի մը դրած հիմին վրայ չկառուցանեմ, հապա՝ ինչպէս գրուած է.

21 «Անոնք՝ որոնց չէր պատմուած անոր մասին՝ պիտի տեսնեն, եւ անոնք որ չէին լսած՝ պիտի հասկնան»:

22 Ատոր համար ալ շատ անգամ արգիլուեցայ ձեզի գալէ:

23 Իսկ հիմա, այս կողմերը այլեւս քարոզելու տեղ չունենալով, ու շատ տարիներէ ի վեր տենչալով ձեզի գալ,

24 երբ դէպի Սպանիա ճամբորդեմ՝ կը յուսամ ճամբորդութեանս ընթացքին ձեզի հանդիպիլ, ու ձեզմէ ուղարկուած հոն երթալ, անշուշտ նախ ձեզմով մասամբ յագենալէ ետք: