Հռոմեացիներին 15:3-9 WA53

3 Քանի որ Քրիստոս ալ չհաճեցուց ինքզինք, հապա՝ ինչպէս գրուած է. «Քեզ անարգողներուն նախատինքները ինկան իմ վրաս»:

4 Որովհետեւ նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք, որպէսզի յոյս ունենանք՝ համբերութեամբ ու Գիրքերուն մխիթարութեամբ:

5 Ուրեմն համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը թող շնորհէ ձեզի համախոհ ըլլալ իրարու հետ՝ Քրիստոս Յիսուսի համաձայն,

6 որպէսզի միաբան ու միաբերան փառաբանէք Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը:

7 Ուստի ընդունեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Քրիստոս ալ ընդունեց մեզ՝ Աստուծոյ փառքին համար:

8 Արդարեւ կ՚ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասարկու եղաւ թլփատութեան՝ Աստուծոյ ճշմարտութեան համար, որպէսզի հաստատէ նախահայրերուն տրուած խոստումները

9 եւ հեթանոսները Աստուած փառաբանեն՝ իր ողորմութեան համար, ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար պիտի ներբողեմ քեզ հեթանոսներուն մէջ, եւ սաղմոս պիտի երգեմ քու անունիդ»: