Հռոմեացիներին 5:16-21 WA53

16 Եւ պարգեւը այնպէս չէ, ինչպէս մէկ մեղանչողին պատահածը. որովհետեւ դատաստանը մէկին մեղքով դատապարտութեան մատնեց, բայց շնորհը շատ յանցանքներէ արդարութեան առաջնորդեց:

17 Քանի որ եթէ մէկ մարդու յանցանքով՝ մահը թագաւորեց այդ մէկով, ո՜րչափ աւելի անոնք՝ որ կը ստանան շնորհքի ու արդարութեան պարգեւին առատութիւնը, կեանքի մէջ պիտի թագաւորեն միակ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:)

18 Ուրեմն, ինչպէս բոլոր մարդոց դատապարտութեան վճիռ տրուեցաւ մէկին յանցանքով, այնպէս ալ բոլոր մարդոց կեանք տուող արդարութիւն շնորհուեցաւ մէկին արդարութեամբ:

19 Որովհետեւ ինչպէս շատեր մեղաւոր եղան մէկ մարդու անհնազանդութեամբ, այնպէս շատեր արդար պիտի ըլլան մէկին հնազանդութեամբ:

20 Սակայն Օրէնքը ներս սպրդեցաւ՝ որպէսզի յանցանքը աւելնայ. բայց հոն՝ ուր մեղքը աւելցաւ, շնորհքը չափազանց առատացաւ:

21 Որպէսզի՝ ինչպէս մեղքը թագաւորեց մինչեւ մահ, այնպէս ալ շնորհքը թագաւորէ արդարութեամբ՝ մինչեւ յաւիտենական կեանք, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով: