7 հազիւ թէ արդարի մը համար մէկը ուզէ մեռնիլ, (թերեւս բարի մարդու մը համար մէկը յօժարի մեռնիլ,)
8 մինչդեռ Աստուած մեզի հանդէպ ունեցած իր սէրը ապացուցանեց այն իրողութեամբ, որ երբ տակաւին մեղաւոր էինք՝
9 Քրիստոս մեռաւ մեզի համար. ուրեմն հիմա որ արդարացանք իր արիւնով, ո՜րչափ աւելի բարկութենէն պիտի փրկուինք իրմով:
10 Որովհետեւ եթէ մեր թշնամի եղած ատենը հաշտուեցանք Աստուծոյ հետ իր Որդիին մահով, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի փրկուինք անոր կեանքով:
11 Եւ ո՛չ միայն ասիկա, այլ նաեւ կը պարծենանք Աստուծմով՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որով հիմա ստացանք հաշտութիւնը:
12 Ուստի ինչպէս մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ, ու մեղքով՝ մահը, եւ այնպէս՝ մահը փոխանցուեցաւ բոլոր մարդոց, քանի որ բոլորն ալ մեղանչեցին.
13 (որովհետեւ մինչեւ Օրէնքին տրուիլը՝ աշխարհի մէջ մեղք կար, բայց մեղք չէր վերագրուեր՝ երբ Օրէնք չկար: