17 ու եթէ զաւակներ՝ ուրեմն ժառանգորդներ, Աստուծոյ ժառանգորդներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ, որպէսզի եթէ չարչարուինք իրեն հետ, նաեւ փառաւորուինք իրեն հետ:
18 Արդարեւ ես այնպէս կը սեպեմ թէ այս ներկայ ժամանակին չարչարանքները՝ արժանի չեն բաղդատուելու գալիք փառքին հետ, որ պիտի յայտնուի մեր մէջ:
19 Քանի որ արարածները եռանդուն ակնկալութեամբ կը սպասեն Աստուծոյ որդիներուն յայտնութեան:
20 Որովհետեւ արարածները հպատակեցան ունայնութեան, (ո՛չ թէ իրենց կամքով, հապա անոր պատճառով՝ որ հպատակեցուց զիրենք,)
21 այն յոյսով՝ որ արարածները իրե՛նք ալ, ազատելով ապականութեան ստրկութենէն, հասնին Աստուծոյ զաւակներուն փառաւոր ազատութեան:
22 Քանի որ գիտենք թէ բոլոր արարածները միասին կը հառաչեն ու երկունքի ցաւ կը քաշեն մինչեւ հիմա:
23 Եւ ո՛չ միայն անոնք, հապա մե՛նք ալ՝ որ ունինք Հոգիին երախայրիքը, նոյնիսկ մե՛նք մեր մէջ կը հառաչենք՝ սպասելով որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմինին ազատագրութեան: