24 Որովհետեւ մենք յոյսով փրկուեցանք. բայց այն յոյսը որ կը տեսնուի՝ յոյս չէ. քանի որ ինչո՞ւ մէկը տակաւին յուսայ այն բանին՝ որ արդէն կը տեսնէ:
25 Իսկ եթէ կը յուսանք մեր չտեսած բանին, ա՛լ համբերութեամբ սպասենք անոր:
26 Նոյնպէս Հոգին ալ կ՚օգնէ մեր տկարութիւններուն մէջ. քանի որ չենք գիտեր ի՛նչ բանի համար աղօթելու ենք՝ ինչպէս պէտք է. բայց Հոգին ի՛նք կը բարեխօսէ մեզի համար՝ անբարբառ հառաչանքներով:
27 Եւ ա՛ն՝ որ կը զննէ սիրտերը, գիտէ Հոգիին ի՛նչ մտածելը, քանի որ կը բարեխօսէ սուրբերուն համար Աստուծոյ կամքին համաձայն:
28 Նաեւ գիտենք թէ բոլոր բաները բարիին գործակից կ՚ըլլան անո՛նց՝ որ կը սիրեն Աստուած, անո՛նց՝ որ կանչուած են իր առաջադրութեան համաձայն:
29 Որովհետեւ անո՛նք՝ որ նախապէս ճանչցաւ, նաեւ նախասահմանեց՝ կերպարանակից ըլլալու իր Որդիին պատկերին, որպէսզի ան ըլլայ անդրանի՛կը բազմաթիւ եղբայրներու մէջ:
30 Եւ անոնք որ նախասահմանեց՝ նաեւ կանչեց, անոնք որ կանչեց՝ նաեւ արդարացուց, եւ անոնք որ արդարացուց՝ նաեւ փառաւորեց: