20 «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը, եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մեռան անոնք՝ որ կը փնտռէին մանուկին անձը»:
21 Ան ալ ոտքի ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը, եւ եկաւ Իսրայէլի երկիրը:
22 Իսկ երբ լսեց թէ Արքեղայոս կը թագաւորէր Հրէաստանի վրայ, իր հօր՝ Հերովդէսի տեղ, վախցաւ հոն երթալու. եւ երազի մէջ պատգամ ստանալով՝ մեկնեցաւ Գալիլեայի կողմերը,
23 ու եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ կոչուած քաղաքը, որպէսզի իրագործուի մարգարէներուն խօսքը. «Նազովրեցի պիտի կոչուի»: