Մատթեոս 22 WA53

1 Յիսուս դարձեալ առակներով խօսեցաւ անոնց եւ ըսաւ.

2 «Երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը՝ որ հարսանիք ըրաւ իր որդիին, ու ղրկեց իր ծառաները՝ կանչելու հարսանիքին հրաւիրեալները.

3 սակայն անոնք չուզեցին գալ:

4 Դարձեալ ուրիշ ծառաներ ղրկեց եւ ըսաւ. “Ըսէ՛ք հրաւիրեալներուն. «Ահա՛ պատրաստեցի իմ ճաշս. զուարակներս ու գէր անասուններս մորթուած են, եւ ամէն բան պատրաստ է. եկէ՛ք հարսանիքի»”:

5 Բայց անոնք անհոգութիւն ընելով՝ գացին մէկը իր արտը, ու միւսը՝ իր առեւտուրին:

6 Ուրիշներ՝ բռնեցին անոր ծառաները, նախատեցին եւ սպաննեցին:

7 Թագաւորն ալ՝ երբ լսեց՝ բարկացաւ. ղրկեց իր զօրքերը, կորսնցուց այդ մարդասպանները ու այրեց անոնց քաղաքը:

8 Այն ատեն ըսաւ իր ծառաներուն. “Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրեալները արժանի չէին:

9 Ուրեմն գացէ՛ք դէպի ճամբաներուն գլուխները, եւ ո՛վ որ գտնէք՝ հրաւիրեցէ՛ք հարսանիքի”:

10 Այդ ծառաները դուրս ելան՝ դէպի ճամբաներուն գլուխները, եւ ո՛վ որ գտան՝ թէ՛ չար, թէ՛ բարի, բոլորն ալ հաւաքեցին. ու հարսնետունը լեցուեցաւ հրաւիրեալներով:

11 Երբ թագաւորը մտաւ՝ տեսնելու հարսնեւորները, տեսաւ մարդ մը՝ որ հագած չէր հարսանիքի հագուստ:

12 Ըսաւ անոր. “Ընկե՛ր, ի՞նչպէս մտար հոս՝ առանց հարսանիքի հագուստի”: Ան ալ պապանձեցաւ:

13 Այն ատեն թագաւորը ըսաւ սպասարկուներուն. “Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը, եւ առէ՛ք ու նետեցէ՛ք զայն դուրսի խաւարը. հոն պիտի ըլլայ լաց եւ ակռաներու կրճտում ”:

14 Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ»:

15 Այն ատեն Փարիսեցիները գացին խորհրդակցելու, թէ ի՛նչպէս խօսքով ձգեն զայն ծուղակի մէջ:

16 Ու ղրկեցին անոր իրենց աշակերտները՝ Հերովդէսեաններուն հետ, եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես ու ճշմարտութեամբ կը սորվեցնես Աստուծոյ ճամբան, եւ հոգ չես ըներ ոեւէ մէկուն համար, քանի որ երեսպաշտութիւն չես ըներ մարդոց:

17 Ուստի ըսէ՛ մեզի, ի՞նչ է քու կարծիքդ. “Արտօնուա՞ծ է տուրք տալ կայսրին՝ թէ ոչ”»:

18 Յիսուս՝ գիտնալով անոնց չարամտութիւնը՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս, կեղծաւորնե՛ր:

19 Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դրամը»: Անոնք դահեկան մը բերին իրեն:

20 Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գրութիւնը»:

21 Ըսին անոր. «Կայսրի՛ն»: Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ուրեմն ինչ որ կայսրինն է՝ տուէ՛ք կայսրին, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ»:

22 Երբ լսեցին՝ զարմացան, ու թողուցին զայն եւ գացին:

23 Նոյն օրը անոր քով եկան Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ու հարցուցին անոր.

24 «Վարդապե՛տ, Մովսէս ըսաւ. “Եթէ մէկը մեռնի առանց զաւակի, անոր եղբայրը թող ամուսնանայ անոր կնոջ հետ, եւ զարմ հանէ իր եղբօր”:

25 Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային մեր քով: Առաջինը ամուսնացաւ ու վախճանեցաւ, եւ զարմ չունենալուն համար՝ իր կինը թողուց իր եղբօր:

26 Նմանապէս ալ երկրորդն ու երրորդը՝ մինչեւ եօթներորդը:

27 Ամենէն ետք կինն ալ մեռաւ:

28 Ուրեմն, յարութեան ատեն՝ այդ եօթնէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. որովհետեւ բոլորն ալ ունեցան զայն իբր կին»:

29 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Դուք մոլորած էք. ո՛չ Գիրքերը գիտէք, ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը:

30 Քանի որ յարութեան ատեն՝ ո՛չ կ՚ամուսնանան եւ ո՛չ ամուսնութեան կը տրուին, հապա երկինքի մէջ՝ Աստուծոյ հրեշտակներուն պէս են:

31 Բայց մեռելներուն յարութեան մասին չէ՞ք կարդացեր Աստուծմէ ձեզի ըսուած խօսքը.

32 “Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”: Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն»:

33 Բազմութիւնը ասիկա լսելով՝ կ՚ապշէր անոր ուսուցումին վրայ:

34 Բայց Փարիսեցիները՝ երբ լսեցին թէ ան պապանձեցուց Սադուկեցիները, տեղ մը հաւաքուեցան,

35 եւ անոնցմէ օրինական մը հարցուց՝ զայն փորձելով.

36 «Վարդապե՛տ, ո՞ր պատուիրանը մեծ է Օրէնքին մէջ»:

37 Յիսուս ըսաւ անոր. «“Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ եւ ամբողջ միտքովդ”:

38 Ա՛յս է առաջին ու մեծ պատուիրանը:

39 Եւ երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”:

40 Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքն ու Մարգարէները»:

41 Երբ Փարիսեցիները հաւաքուեցան, Յիսուս հարցուց անոնց.

42 «Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է»:

43 Ըսին իրեն. «Դաւիթի՛»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.

44 “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:

45 Ուրեմն եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ան իր որդին կ՚ըլլայ»:

46 Ո՛չ մէկը կրնար խօսքո՛վ մը պատասխանել անոր: Այդ օրէն ետք՝ ո՛չ մէկը կը յանդգնէր բան մը հարցնել անոր:

գլուխներ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28