16 այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին:
17 Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ իր տունէն որեւէ բան առնելու,
18 եւ ա՛ն որ արտին մէջ է՝ թող չվերադառնայ իր հանդերձները առնելու:
19 Բայց վա՜յ այդ օրերը յղի եղողներուն ու ծիծ տուողներուն:
20 Աղօթեցէ՛ք՝ որ ձեր փախուստը ձմեռը չըլլայ, ո՛չ ալ Շաբաթ օրը.
21 քանի որ այն ատեն այնպիսի՛ մեծ տառապանք պիտի ըլլայ, որուն նմանը՝ աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ:
22 Եթէ այդ օրերը չկարճնային, ո՛չ մէկ մարմին պիտի փրկուէր. բայց ընտրեալներուն համար՝ այդ օրերը պիտի կարճնան: