2 Քառասուն ցերեկ ու քառասուն գիշեր ծոմ պահելէ ետք՝ անօթեցաւ:
3 Եւ Փորձիչը մօտենալով անոր՝ ըսաւ. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ՛ որ այս քարերը հաց ըլլան»:
4 Ան ալ պատասխանեց. «Գրուած է. “Միայն հացով չէ որ մարդը պիտի ապրի, հապա ամէն խօսքով՝ որ կ՚ելլէ Աստուծոյ բերանէն”»:
5 Այն ատեն Չարախօսը առաւ տա֊րաւ զայն սուրբ քաղաքը, կայնեցուց զայն տաճարին աշտարակին վրայ,
6 եւ ըսաւ անոր. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, վա՛ր նետէ քեզ ասկէ. որովհետեւ գրուած է. “Իր հրեշտակներուն պիտի հրահանգէ քեզի համար, որ իրենց ձեռքերուն վրայ կրեն քեզ, որպէսզի քարի՛ մը չզարնես ոտքդ”»:
7 Յիսուս ըսաւ անոր. «Դարձեալ գրուած է. “Մի՛ փորձեր Տէրը՝ քու Աստուածդ”»:
8 Չարախօսը դարձեալ առաւ հանեց զայն չափազանց բարձր լեռ մը, ցոյց տուաւ անոր աշխարհի բոլոր թագաւորութիւններն ու անոնց փառքը,