1 Տեսնելով բազմութիւնները՝ լեռը ելաւ: Երբ նստաւ, իր աշակերտները քովը գացին,
2 եւ իր բերանը բանալով՝ կը սորվեցնէր անոնց ու կ՚ըսէր.
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
4 Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:
5 Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը: