2 եւ իր բերանը բանալով՝ կը սորվեցնէր անոնց ու կ՚ըսէր.
3 «Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
4 Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:
5 Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:
6 Երանի՜ անոնց՝ որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:
7 Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:
8 Երանի՜ անոնց՝ որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած: