27 Այդ օրերը՝ Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք:
28 Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, կանգնեցաւ եւ մատնանշեց Հոգիին զօրութեամբ՝ թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ ամբողջ երկրագունդին մէջ. ան ի՛րապէս եղաւ Կղօդիոսի օրերը:
29 Ուստի աշակերտները որոշեցին օգնութիւն ղրկել Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն, իւրաքանչիւրը իր եկամուտին համեմատ:
30 Այդպէս ալ ըրին, ղրկելով զայն երէցներուն՝ Բառնաբասի ու Սօղոսի ձեռքով: