1 Իկոնիոնի մէջ՝ անոնք միասին մտան Հրեաներուն ժողովարանը, ու ա՛յնպէս խօսեցան՝ որ Հրեաներու եւ Յոյներու մեծ բազմութիւն մը հաւատաց:
2 Բայց չհնազանդող Հրեաները՝ դրդեցին հեթանոսները, եւ անոնց անձերը չարութեան գրգռեցին եղբայրներուն դէմ:
3 Իսկ անոնք երկար ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակութեամբ կը քարոզէին Տէրոջմով, որ իր շնորհքի խօսքին վկայութիւն կու տար՝ թոյլատրելով որ նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին անոնց ձեռքով:
4 Քաղաքին բազմութիւնը բաժնուեցաւ. մաս մը բռնեց Հրեաներուն կողմը, մաս մըն ալ՝ առաքեալներուն:
5 Երբ հեթանոսներն ու Հրեաները՝ իրենց պետերով՝ յարձակեցան, որ նախատեն եւ քարկոծեն զանոնք,
6 իրենք ալ՝ գիտակցելով՝ փախան Լիկայոնիայի քաղաքները, Լիւստրա ու Դերբէ եւ շրջակայքը, ու հոն կ՚աւետարանէին: իրենք ալ՝ գիտակցելով՝ փախան Լիկայոնիայի քաղաքները, Լիւստրա ու Դերբէ եւ շրջակայքը, ու հոն կ՚աւետարանէին:
7 Մարդ մը նստած էր Լիւստրայի մէջ՝ անզօր ոտքերով, իր մօր որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր:
8 Ասիկա մտիկ կ՚ընէր Պօղոսի խօսքերը, որ ակնապիշ նայելով անոր ու նշմարելով թէ բուժուելու հաւատք ունի՝
9 բարձրաձայն ըսաւ. «Ուղի՛ղ կանգնէ ոտքերուդ վրայ»: Ան ալ ցատկեց եւ քալեց:
10 Երբ բազմութիւնը տեսաւ Պօղոսի ըրածը, բարձրացնելով իրենց ձայնը՝ ըսին լիկայոներէն. «Աստուածները իջած են մեզի՝ մարդոց նմանութեամբ»:
11 Բառնաբասը կը կոչէին Դիոս, ու Պօղոսը՝ Հերմէս, քանի որ ան էր գլխաւոր խօսողը:
12 Իսկ Դիոսի քուրմը՝ որ քաղաքին առջեւ էր, ցուլեր եւ ծաղկեպսակներ բերելով դռներուն քով՝ կ՚ուզէր զոհ մատուցանել բազմութեան հետ:
13 Բայց երբ առաքեալները՝ Բառնաբաս ու Պօղոս՝ լսեցին, պատռեցին իրենց հանդերձները եւ դուրս ցատկեցին բազմութեան մէջ՝ աղաղակելով.
14 «Մարդի՛կ, ինչո՞ւ այդ բաները կ՚ընէք: Մե՛նք ալ մարդիկ ենք՝ կիրքերու ենթակայ ձեզի նման, ու կ՚աւետարանենք ձեզի՝ որպէսզի այդ ունայն բաներէն դառնաք ապրող Աստուծոյ, որ ստեղծեց երկինքը, երկիրը, ծովն ու բոլոր անոնց մէջ եղածները:
15 Անցեալ սերունդներուն մէջ ան թոյլատրեց բոլոր ազգերուն՝ որ երթան իրենց ճամբաներէն:
16 Սակայն ինքզինք չթողուց առանց վկայութեան, բարիք ընելով, անձրեւ տալով մեզի երկինքէն, նաեւ պտղաբեր եղանակներ, ու մեր սիրտերը լեցնելով կերակուրներով եւ ուրախութեամբ»:
17 Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան հանգստացնել բազմութիւնը, որ զոհ չմատուցանէ իրենց:
18 Սակայն Հրեաներ հասան Անտիոքէն եւ Իկոնիոնէն, համոզեցին բազմութիւնը, քարկոծեցին Պօղոսը ու քաղաքէն դուրս քաշկռտեցին՝ կարծելով թէ մեռած է:
19 Բայց երբ աշակերտները շրջապատեցին զինք՝ կանգնեցաւ, մտաւ քաղաքը, ու հետեւեալ օրը մեկնեցաւ Դերբէ՝ Բառնաբասի հետ:
20 Այդ քաղաքին մէջ աւետարանելէ ու շատերը աշակերտելէ ետք՝ անոնք վերադարձան Լիւստրա, Իկոնիոն եւ Անտիոք,
21 ամրացնելով աշակերտներուն անձերը եւ յորդորելով՝ որ յարատեւեն հաւատքին մէջ, ըսելով. «Շատ տառապանքով պէտք է մտնենք Աստուծոյ թագաւորութիւնը»:
22 Երբ երէցներ ձեռնադրեցին անոնց՝ ամէն եկեղեցիի մէջ, ծոմապահութեամբ աղօթելով յանձնեցին զանոնք Տէրոջ՝ որուն հաւատացած էին:
23 Եւ անցնելով Պիսիդիայի մէջէն՝ գացին Պամփիւլիա:
24 Պերգէի մէջ ալ Տէրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ իջան Ատալիա,
25 անկէ ալ նաւարկեցին դէպի Անտիոք, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնարարուած էին այն գործին համար՝ որ կատարեցին:
26 Երբ եկան, հաւաքելով եկեղեցին՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ, եւ թէ հաւատքի դուռը բացեր էր հեթանոսներուն:
27 Ու հոն երկար ժամանակ կեցան աշակերտներուն հետ: