Գործք 8 WA53

1 Այդ օրը մեծ հալածանք եղաւ Երուսաղէմի մէջ եղող եկեղեցիին դէմ: Առաքեալներէն զատ՝ բոլորն ալ ցրուեցան Հրէաստանի ու Սամարիայի երկրամասերուն մէջ:

2 Բարեպաշտ մարդիկ վերցուցին Ստեփանոսը, եւ մեծապէս հեծեծեցին անոր վրայ:

3 Իսկ Սօղոս կ՚աւերէր եկեղեցին. կը մտնէր տուները, կը քաշկռտէր այր մարդիկ ու կիներ, եւ կը մատնէր զանոնք՝ բանտ նետուելու:

4 Ուրեմն անոնք որ ցրուած էին՝ կը շրջէին խօսքը աւետելով:

5 Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց:

6 Եւ բազմութիւնը՝ միաբան՝ ուշադիր էր Փիլիպպոսի ըսածներուն, լսելով ու տեսնելով անոր ըրած նշանները:

7 Որովհետեւ անմաքուր ոգիները բարձրաձայն գոռալով դուրս կ՚ելլէին բազմաթիւ դիւահարներէ,

8 եւ շատ անդամալոյծներ ու կաղեր կը բուժուէին:

9 Ուստի մեծ ուրախութիւն եղաւ այդ քաղաքին մէջ: Բայց մարդ մը կար՝ Սիմոն անունով, որ նախապէս մոգութիւն կ՚ընէր այդ քաղաքին մէջ եւ կը շշմեցնէր Սամարիայի ազգը, իր մասին ըսելով թէ մեծ մէկն է:

10 Բոլորն ալ, պզտիկէն մինչեւ մեծը, ուշադիր էին անոր ու կ՚ըսէին. «Ասիկա Աստուծոյ մեծ (կոչուած) զօրութիւնն է»:

11 Ուշադրութիւն կը դարձնէին իրեն, որովհետեւ կը շշմեցնէր զիրենք մոգութիւններով՝ երկար ժամանակէ ի վեր:

12 Բայց երբ հաւատացին Փիլիպպոսի՝ որ կ՚աւետէր Աստուծոյ թագաւորութեան ու Յիսուս Քրիստոսի անունին մասին, մկրտուեցան թէ՛ այր մարդիկ եւ թէ կիներ:

13 Սիմոն ինք ալ հաւատաց, ու մկրտուելով՝ չէր թողուր Փիլիպպոսը՝՝, եւ կը զմայլէր՝ տեսնելով կատարուած հրաշքներն ու մեծ նշանները:

14 Երբ Երուսաղէմի մէջ եղող առաքեալները լսեցին թէ Սամարացիները ընդունած են Աստուծոյ խօսքը, ղրկեցին անոնց Պետրոսն ու Յովհաննէսը,

15 որոնք հոն հասնելով՝ աղօթեցին անոնց համար, որպէսզի ստանան Սուրբ Հոգին:

16 (Որովհետեւ դեռ անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն մկրտուած էին Տէր Յիսուսի անունով:)

17 Այն ատեն իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ, ու կը ստանային Սուրբ Հոգին:

18 Սիմոն, տեսնելով թէ Սուրբ Հոգին կը տրուի՝ առաքեալներուն ձեռնադրութեամբ, դրամ մատուցանեց անոնց եւ ըսաւ.

19 «Ինծի՛ ալ տուէք այս իշխանութիւնը, որպէսզի որո՛ւ վրայ որ ձեռք դնեմ՝ ստանայ Սուրբ Հոգին»:

20 Պետրոս ըսաւ անոր. «Քու արծաթդ թող կորսուի քեզի հետ, որովհետեւ կարծեցիր թէ Աստուծոյ պարգեւը կը ստացուի դրամով:

21 Դուն մաս ու բաժին չունիս այդ բանին մէջ, որովհետեւ սիրտդ ուղիղ չէ Աստուծոյ առջեւ:

22 Ուրեմն զղջա՛ այդ չարամտութենէդ եւ աղերսէ՛ Աստուծոյ. թերեւս ներուի քեզի սիրտիդ չար մտածումը:

23 Որովհետեւ կը տեսնեմ քեզ մաղձի դառնութեան եւ անիրաւութեան կապին մէջ»:

24 Սիմոն պատասխանեց. «Դո՛ւք աղերսեցէք Տէրոջ ինծի համար, որպէսզի այդ ձեր ըսածներէն ոչինչ պատահի ինծի՝՝»:

25 Անոնք ալ՝ վկայելէ ու Տէրոջ խօսքը քարոզելէ ետք՝ վերադարձան Երուսաղէմ, աւետարանելով Սամարացիներու բազմաթիւ գիւղերուն մէջ:

26 Տէրոջ հրեշտակը խօսեցաւ Փիլիպպոսի՝ ըսելով. «Կանգնէ՛ ու գնա՛ հարաւային կողմը, այն ճամբան՝ որ կ՚իջնէ Երուսաղէմէն դէպի Գազա եւ ամայի է»:

27 Ան ալ կանգնեցաւ ու գնաց: Եւ ահա՛ եթովպիացի ներքինի մը, Եթովպիացիներու Կանդակա թագուհիին մէկ պալատականը,- որ անոր բոլոր գանձերուն վերակացուն էր ու Երուսաղէմ եկած էր երկրպագելու,-

28 կը վերադառնար եւ իր կառքը նստած՝ կը կարդար Եսայի մարգարէին գիրքը:

29 Հոգին ըսաւ Փիլիպպոսի. «Մօտեցի՛ր ու գնա՛ այդ կառքին քով»:

30 Փիլիպպոս ալ վազելով գնաց մօտը, լսեց թէ կը կարդար Եսայի մարգարէին գիրքը,

31 եւ ըսաւ. «Արդեօք կը հասկնա՞ս կարդացածդ»: Ան ալ ըսաւ. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը չառաջնորդէ զիս». եւ աղաչեց Փիլիպպոսի՝ որ ելլէ իր քով նստի:

32 Գիրքին մէջ կարդացած հատուածը սա՛ էր. «Ոչխարի պէս սպանդանոց տարուեցաւ, ու զինք խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառի պէս՝ իր բերանը չբացաւ:

33 Իր նուաստացումին մէջ՝ իր իրաւունքը առնուեցաւ, եւ ո՞վ պիտի պատմէ անոր սերունդին մասին. որովհետեւ անոր կեանքը երկրէն վերցուած է»:

34 Ներքինին հարցուց Փիլիպպոսի. «Կ՚աղերսե՛մ քեզի, մարգարէն որո՞ւ համար կ՚ըսէ ասիկա. ինքնիրե՞ն համար՝ թէ ուրիշի մը համար»:

35 Ուստի Փիլիպպոս բացաւ իր բերանը, եւ սկսելով Գիրքին այդ խօսքէն՝ Յիսուսը աւետեց անոր:

36 Մինչ կ՚երթային իրենց ճամբան, եկան ջուրի մը քով: Ներքինին ըսաւ. «Ահա՛ ջուր, ա՛լ ի՞նչ կ՚արգիլէ զիս մկրտուելէ»:

37 (Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Եթէ կը հաւատաս ամբողջ սիրտովդ՝ արտօնուած է»: Ան ալ պատասխանեց. «Կը հաւատամ թէ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին է»:)

38 Ու հրամայեց որ կայնեցնեն կառքը: Երկուքն ալ իջան ջուրը, թէ՛ Փիլիպպոս, թէ՛ ներքինին. ու մկրտեց զայն:

39 Երբ դուրս ելան ջուրէն, Տէրոջ Հոգին յափշտակեց Փիլիպպոսը. ներքինին ա՛լ չտեսաւ զայն, եւ գնաց իր ճամբան ուրախութեամբ:

40 Իսկ Փիլիպպոս գտնուեցաւ Ազովտոսի մէջ, ու շրջելով աւետարանեց բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ մինչեւ որ հասաւ Կեսարիա:

գլուխներ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28