8 Սակայն անոնց ընդդիմացաւ Եղիմաս մոգը (որովհետեւ ա՛յսպէս կը թարգմանուի անոր անունը), որ կը ջանար խոտորեցնել փոխ-հիւպատոսը հաւատքէն:
9 Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ակնապիշ նայեցաւ անոր
10 ու ըսաւ. «Ո՛վ ամէն նենգութեամբ եւ ամէն չարագործութեամբ լեցուն Չարախօսի՛ որդի, թշնամի ամբողջ արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս խեղաթիւրելէ Տէրոջ ուղիղ ճամբաները:
11 Ահա՛ հիմա Տէրոջ ձեռքը քու վրադ է. կոյր պիտի ըլլաս եւ ատեն մը պիտի չտեսնես արեւը»: Անմի՛ջապէս մթութիւն ու խաւար իջաւ անոր վրայ, եւ շրջելով մէկը կը փնտռէր՝ որ ձեռքէն բռնելով տանէր զինք:
12 Այն ատեն փոխ-հիւպատոսը հաւատաց՝ երբ տեսաւ կատարուածը, մեծապէս ապշելով Տէրոջ ուսուցումին վրայ:
13 Պօղոս եւ իր ընկերակիցները նաւարկեցին Պափոսէն, ու գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս՝ զատուելով անոնցմէ՝ վերադարձաւ Երուսաղէմ:
14 Անոնք ալ գացին Պերգէէն եւ հասան Պիսիդիայի Անտիոքը, ու Շաբաթ օրը մտնելով ժողովարանը՝ նստան: