33 Ինք ալ՝ գիշերուան նոյն ժամուն՝ առաւ զանոնք, լուաց անոնց վէրքերը եւ անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները:
34 Ապա իր տունը տանելով զանոնք՝ սեղան դրաւ անոնց առջեւ, եւ ցնծաց ամբողջ ընտանիքով՝ հաւատալով Աստուծոյ:
35 Երբ առտու եղաւ, մեծաւորները յիսնապետներ ղրկեցին եւ ըսին. «Արձակէ՛ այդ մարդիկը»:
36 Բանտապահն ալ հաղորդեց Պօղոսի այդ խօսքերը՝ ըսելով. «Մեծաւորները մարդ ղրկեցին՝ որ արձակուիք. ուստի հիմա դո՛ւրս ելէք ու մեկնեցէ՛ք խաղաղութեամբ»:
37 Բայց Պօղոս ըսաւ անոնց. «Թէպէտ չդատապարտուած Հռոմայեցիներ ենք, հրապարակաւ ծեծելով մեզ՝ բանտը նետեցին, եւ հիմա ծածկաբա՞ր կը հանեն մեզ: Ո՛չ այդպէս, հապա իրե՛նք թող գան ու դուրս տանին մեզ»:
38 Յիսնապետները մեծաւորներուն հաղորդեցին այս խօսքերը: Անոնք ալ, երբ լսեցին թէ Հռոմայեցի են՝ վախցան, ու եկան, աղաչեցին անոնց,
39 եւ դուրս հանելով՝ կը թախանձէին որ մեկնին այդ քաղաքէն: