5 Բայց չանսացող Հրեաները նախանձեցան, եւ քանի մը դատարկապորտ, գռեհիկ մարդիկ առնելով՝ բազմութիւն ժողվեցին, ամբողջ քաղաքին մէջ աղմուկ հանեցին, ու Յասոնի տան վրայ յարձակելով կը փնտռէին զանոնք՝ որ ամբոխին տանին:
6 Երբ չգտան զանոնք, Յասոնը եւ քանի մը եղբայրներ քաշկռտելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ՝ գոռալով. «Անոնք որ երկրագունդը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասած են,
7 ու Յասոն ընդունած է զանոնք: Ասոնք բոլորը կը գործեն կայսրին հրամաններուն դէմ, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս անունով»:
8 Բազմութիւնն ու քաղաքապետները վրդովեցան՝ լսելով այս բաները:
9 Բայց երբ երաշխիք առին Յասոնէն եւ միւսներէն՝ արձակեցին զանոնք:
10 Եղբայրներն ալ իսկոյն՝ գիշերուան մէջ՝ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք հոն հասնելով՝ գացին Հրեաներուն ժողովարանը:
11 Ասոնք աւելի ազնիւ էին՝ քան Թեսաղոնիկէի մէջ եղողները. Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին լման յօժարութեամբ, եւ ամէն օր կը զննէին Գիրքերը, տեսնելու թէ այդպէ՛ս են այդ բաները: