16 Կեսարացի աշակերտներէն ալ ոմանք եկան մեզի հետ, ու տարին մեզ առաջին օրերէն աշակերտ եղած՝՝ Կիպրացի Մնասոնի, որուն քով պիտի հիւրընկալուէինք:
17 Երբ մտանք Երուսաղէմ, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ:
18 Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ գնաց Յակոբոսի քով, ու բոլոր երէցներն ալ եկան:
19 Բարեւելէ ետք զանոնք՝ մէկ առ մէկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած ըրաւ հեթանոսներուն մէջ՝ իր սպասարկութեամբ:
20 Անոնք ալ լսելով՝ փառաւորեցին Տէրը, եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, եղբա՛յր, քանի՜ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան: Բոլորն ալ Օրէնքին նախանձախնդիր են,
21 բայց տեղեկացան քու մասիդ՝ թէ հեթանոսներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես հրաժարիլ Մովսէսէն, ըսելով որ չթլփատեն իրենց զաւակները եւ չընթանան սովորութիւններուն համաձայն:
22 Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն պիտի համախմբուի, որովհետեւ պիտի լսեն թէ եկած ես: