Գործք 21:25-31 WA53

25 Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն մասին՝ մենք գրեցինք, եզրակացնելով որ անոնք բնա՛ւ չպահեն այսպիսի բաներ, բայց միայն զգուշանան կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»:

26 Այն ատեն Պօղոս առաւ այդ մարդիկը, եւ հետեւեալ օրը՝ անոնց հետ մաքրագործուելէ ետք՝ մտաւ տաճարը իրենց մաքրագործումի օրերուն ամբողջացումը յայտարարելու համար, թէ ե՛րբ ընծայ պիտի մատուցանուէր իրենցմէ իւրաքանչիւրին համար:

27 Եօթը օրերը լրանալու մօտ էին, երբ ասիացի Հրեաները՝ տեսնելով զայն տաճարին մէջ՝ խառնակեցին ամբողջ բազմութիւնը, եւ անոր վրայ ձեռք բարձրացնելով՝ կ՚աղաղակէին.

28 «Իսրայելացի՛ մարդիկ, օգնութեա՛ն հասէք: Ա՛յս է այն մարդը, որ ամէնուրեք կը սորվեցնէ բոլորին՝ ժողովուրդին, Օրէնքին եւ այս տեղին դէմ. նոյնիսկ Յոյներ ալ մտցուց տաճարին մէջ ու պղծեց այս սուրբ տեղը»

29 (որովհետեւ նախապէս տեսեր էին Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ՝ քաղաքին մէջ, ու կը կարծէին թէ Պօղոս տաճարը մտցուցած էր զայն):

30 Ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ ու ժողովուրդը խռնուեցաւ. Պօղոսը բռնելով՝ քաշեցին տաճարէն դուրս, եւ իսկոյն դռները գոցուեցան:

31 Երբ անոնք կը ջանային սպաննել զայն, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ ամբողջ Երուսաղէմը խառնաշփոթութեան մէջ է: