Գործք 21:7-13 WA53

7 Իսկ մենք՝ աւարտելով Տիւրոսէն սկսած նաւարկութիւնը՝ հասանք Պտողեմայիս, բարեւեցինք եղբայրները, եւ օր մը մնացինք անոնց քով:

8 Հետեւեալ օրը՝ մեկնեցանք ու եկանք Կեսարիա, եւ մտնելով Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը՝ որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր՝ մնացինք անոր քով:

9 Ան ունէր չորս կոյս աղջիկներ, որոնք կը մարգարէանային:

10 Քանի որ շատ օրեր մնացինք հոն, Հրէաստանէն մարգարէ մը իջաւ՝ Ագաբոս անունով.

11 երբ եկաւ մեզի, առաւ Պօղոսի գօտին, կապեց իր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ ըսաւ. «Սա՛ կը յայտարարէ Սուրբ Հոգին. “Երուսաղէմի մէջ, Հրեաները ա՛յսպէս պիտի կապեն այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, ու պիտի մատնեն հեթանոսներուն ձեռքը”»:

12 Երբ լսեցինք այս բաները, աղաչեցինք՝ մե՛նք ալ, տեղացինե՛րն ալ, որ չբարձրանայ Երուսաղէմ:

13 Իսկ Պօղոս պատասխանեց. «Ի՞նչ կ՚ընէք. ինչո՞ւ կու լաք ու կը ճմլէք իմ սիրտս. քանի որ ես պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ ո՛չ միայն կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու՝ Տէր Յիսուսի անունին համար»: