Գործք 25:11-17 WA53

11 Արդարեւ եթէ անիրաւած եմ կամ ըրած եմ մահուան արժանի բան մը, չեմ մերժեր մեռնիլ: Բայց եթէ իմ վրաս ո՛չ մէկը կայ այն բաներէն՝ որոնց համար ասոնք կ՚ամբաստանեն զիս, ո՛չ մէկը կրնայ յանձնել զիս ատոնց: Կայսրի՛ն կը բողոքեմ»:

12 Այն ատեն Փեստոս՝ խօսակցելէ ետք խորհրդականներուն հետ՝ պատասխանեց. «Կայսրի՛ն բողոքեցիր. կայսրի՛ն պիտի երթաս»:

13 Քանի մը օր անցնելէ ետք, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէ եկան Կեսարիա՝ բարեւելու Փեստոսը:

14 Երբ շատ օրեր մնացին հոն, Փեստոս ներկայացուց թագաւորին Պօղոսի պարագան՝ ըսելով. «Հոս մարդ մը կայ՝ որ Փելիքս բանտարկուած ձգած է:

15 Երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն երէցները յայտնեցին ինծի իրենց ամբաստանութիւնը, դատապարտութեան վճիռ խնդրելով անոր դէմ:

16 Անոնց պատասխանեցի թէ Հռոմայեցիներուն սովորութիւնը չէ մահուան մատնել մարդ մը, մինչեւ որ ամբաստանեալը իր դիմաց չունենայ ամբաստանողները, եւ պատեհութիւն չտրուի իրեն՝ ջատագովելու ինքզինք այդ յանցանքին դէմ:

17 Ուստի երբ անոնք համախմբուեցան հոս, առանց որեւէ յետաձգումի՝ հետեւեալ օրը դատարանը բազմելով հրամայեցի որ բերեն մարդը: