Գործք 4:10-16 WA53

10 գիտցէ՛ք դուք բոլորդ եւ ամբողջ Իսրայէլի ժողովուրդը, թէ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք բայց Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա՛ անո՛վ ասիկա բժշկուած կեցած է հոս՝ ձեր առջեւ:

11 Ա՛յս է այն քարը, ձեզմէ՝ կառուցանողներէդ անարգուած, որ անկիւնաքարը եղաւ:

12 Եւ ուրիշ ո՛չ մէկով փրկութիւն կայ. որովհետեւ անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարենանք փրկուիլ»:

13 Իսկ անոնք, նայելով Պետրոսի ու Յովհաննէսի համարձակութեան, եւ ըմբռնելով թէ անուս ու տգէտ մարդիկ են՝ զարմացան, եւ գիտցան թէ անոնք Յիսուսի հետ էին:

14 Տեսնելով այդ բուժուած մարդը՝ որ կայնած էր անոնց հետ, ոչինչ կրցան խօսիլ անոնց դէմ:

15 Ուստի հրամայելով անոնց՝ որ դուրս ելլեն ատեանէն, խորհրդակցեցան իրարու հետ

16 եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. որովհետեւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն բացայայտ է թէ իսկապէս երեւելի նշան մը կատարուեցաւ ասոնց միջոցով, ու մենք չենք կրնար ուրանալ: