Գործք 6:6-12 WA53

6 Ասոնք ներկայացուցին առաքեալներուն. անոնք ալ աղօթելով՝ իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ:

7 Եւ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր, աշակերտներուն թիւը չափազանց կը շատնար Երուսաղէմի մէջ, ու քահանաներէն մեծ բազմութիւն մը կը հնազանդէր նոր հաւատքին:

8 Ստեփանոս, որ հաւատքով ու զօրութեամբ լեցուած մարդ մըն էր, մեծ սքանչելիքներ եւ նշաններ կ՚ընէր ժողովուրդին մէջ:

9 Բայց ոմանք, այն ժողովարանէն՝ որ կը կոչուէր Ազատագրուածներուն, Կիւրենացիներուն ու Աղեքսանդրացիներուն ժողովարանը, եւ ոմանք՝ որ Կիլիկիայէն ու Ասիայէն էին, կանգնեցան եւ կը վիճաբանէին Ստեփանոսի հետ.

10 բայց կարող չէին դիմադրել այն իմաստութեան ու հոգիին, որով ան կը խօսէր:

11 Այն ատեն կաշառեցին քանի մը մարդիկ, որպէսզի ըսեն. «Մենք լսեցինք թէ ան հայհոյական խօսքեր կ՚արտասանէր Մովսէսի եւ Աստուծոյ դէմ»:

12 Այսպէս՝ գրգռեցին ժողովուրդը, երէցներն ու դպիրները, եւ հասնելով անոր վրայ՝ յափշտակեցին զինք ու տարին ատեանին առջեւ: