16 եւ փոխադրուելով Սիւքէմ՝ դրուեցան այն գերեզմանին մէջ, որ Աբրահամ արծաթով գնած էր Սիւքէմի հօր՝ Եմովրի որդիներէն:
17 Երբ մօտեցաւ ժամանակը խոստումին՝ որուն համար Աստուած երդում ըրած էր Աբրահամի, ժողովուրդը աճեցաւ ու բազմացաւ Եգիպտոսի մէջ՝
18 մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ չէր ճանչնար Յովսէփը:
19 Ան խորամանկութեամբ վարուեցաւ մեր ցեղին դէմ եւ չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց երախաները դուրս նետել տալով, որպէսզի չապրեցնէ:
20 «Այդ ատեն Մովսէս ալ ծնաւ, որ գեղեցիկ էր Աստուծոյ առջեւ, ու երեք ամիս մեծցաւ իր հօր տունը:
21 Երբ ան դուրս դրուեցաւ, Փարաւոնի աղջիկը տարաւ զայն եւ մեծցուց իբր իր որդին:
22 Մովսէս կրթուեցաւ Եգիպտացիներուն ամբողջ իմաստութեամբ, ու զօրաւոր էր իր խօսքերով եւ գործերով: